2008-11-06 13:21:35

Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը կ`ընդունի Եգիպտոսի նոր դեսպանին հաւատարմագրերը եւ Պոլիվիայի եպիսկոպոսական դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ


Նոյեմբեր ամսոյն մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը կ`ընդունի չորս նոր դեսպաներու հաւատարմագրերը։ Հինգշաբթի նոյեմբեր 6-ին, Նորին Սրբութիւնը ընդունեցաւ Եգիպտոսի նոր դեսպան` տիկին Lamia Mekhemar-ին հաւատարմագրերը։ Նոյեմբեր 7-ին Լիթուանիոյ նոր դեսպան` տիար Vytautas Alisauskas-ի հաւատարմագրերը, ապա Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար պիտի ընդունի Թայուանի եւ Սան Մարինօ հանրապետութիւններու նոր դեսպանները։

Իսկ այսօր կէսօրին, նորին սրբութիւնը ընդունեցաւ կաթողիկէ-իսլամ ֆորումին մասնակցողները, թիւով 60 հոգի, ֆորումը կազմակերպուած է միջկրօնական քահայանապետական խորհուրդէն։ Նախապէս Սրբազան հայրը ընդունեցաւ Պոլիվայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու իրենց հնգամեայ այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։



Ի լուր ԱՄՆի նոր նախագահ Պարաք Օպամայի ընտրութեան Պաղտատի լատիներու եպիսկոպոսը գերապայծառ Jean Sleiman ըսած է. ՙ ՙԴժուար է հաստատել թէ Օպամա իր նախորդէն աւելի լաւ պիտի ըլլայ, ստոյգ է որ ամերկացիները երկարամեայ ռազմավարութիւն մը ունին Իրաքի մէջ, հետեւաբար պետական պատճառի հետ կապ ունի, հարկաւոր է որ Ամերիկան աշխատի աշխարհի խաղաղութեան ու միութեան համար, նուաճելու բաժանումները եւ վերջ տալու շատերու տառապանքին։ Որպէս պատասխանատու հզօր պետութեան մը ԱՄՆի նոր նախագահին պարտականութիւնն է կառավարել իր ժողովուրդը արդարութեամբ առանց մոռնալու աշխարհը՚ ՚ ։



Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը յառաջիկայ նոյեմբեր 24-ին պիտի ընդունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ը։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա Իտալիոյ մայրաքաղաքը պիտի մնայ նոյեմբեր 23-27 2008 ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը Նոյեմբեր 24-ին պիտի ընդունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ։ Վեհաբառ Հայրապետը ծնած է 1947ին։ Ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուեցաւ 1995-ին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին պատգամը ԱՄՆի նոր նախագահ Օպամային։

Սրբազան Քահայանապետը պատմական որակեց ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամայի ընտրութիւնը։ Նոյեմբեր 4-ին ուղղած պատգամին մէջ Նորին սրբութիւնը իր սիրալիր խնդակցութիւնը յայտնեց նոր նախագահին, անոր կողակիցին ու զաւակներուն։ Սրբազան Հայրը կ`աղօթէ նոր նախագահին համար որպէսզի Տէրը լուսաբանէ եւ օգնէ զինք լաւագոյնս կատարելու իր պաշտօնը ԱՄՆի ժողովուրդին ու միջազգային հասարակութեան բարիքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.